Միջազգային մամուլը լայնօրէն անդրադարձած է Յունիս 7-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որուն արդիւքնով ձեւաւորուած է 25-րդ գումարման ազգային ժողովը: Այս մասին կը գրէ ermenihaber-ը:
Թրքական «Haberturk» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` ընտրութիւններուն վերաբերեալ միջազգային մամուլին մէջ հետեւեալ մեկնաբանութիւնները եղած են:
BBC
«Կ’երեւի, որ այս ընտրութիւնները վերջ կու տան ԱԶԿ-ի` 13 տարի տեւած միակուսակցական
իշխանութեան եւ տակնուվրայ կ’ընեն նախագահ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի` սեփական իրաւասութիւնները
ընդլայնելու ծրագիրները»:
Ֆրանսական Agence France Press լրատուական գործակալութիւն
«Համաձայն հեռուստաեթերի` «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւն»ը (ԱԶԿ-AKP) յառաջատար
է, բայց խորհրդարանին մէջ կը կորսնցնէ մեծամասնութիւնը: «Ժողովուրդներու դեմոկրատական
կուսակցութիւնը» (ԺԶԿ-HDP) կը հատէ նուազագոյն շեմը (10%): Իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ
ԱԶԿ-ը իր իշխանութեան գալէն (2002 թուական) ի վեր առաջին անգամ հարկադրուած պիտի ըլլայ
դաշնակցութիւն կազմելու»:
Ամերիկեան «Associated Press» լրատուական գործակալութիւն
«Համաձայն Թուրքիոյ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն` ընտրողները չեն ցանկար,
որ իշխող կուսակցութիւնը սահմանադրական փոփոխութիւններ ընէ: Արդիւնքները ցոյց կու տան,
որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը կը կորսնցնէ մեծամասնութիւնը խորհրդարանէն ներս»:
Բրիտանական «The Guardian» պարբերական
«Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի` «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը 2011-ին իր ստացած
իր 49 տոկոս ցուցանիշէն յետընթաց ապրած է` հասնելով 41 տոկոսի»:
Գերմանական ZDF հեռուստատեսութիւն
«Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը» եւ երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողան ստիպուած
են դաշնակցութիւն մը ստեղծելու ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն հետ: Էրտողանի նախագահական
համակարգը դժուարին կացութեան մէջ է»:
All the contents on this site are copyrighted ©. |